Նոր ժամանակներու մարդը ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՄԱՐԴ է, շատ յաճախ հոգեզուրկ եւ արմատախիլ: Կ'ապրի օրուան պահանջներուն համեմատ, այսօր հոս է, վաղը՝ հոն: Այսօր ա՛յս բարեկամները ունի, վաղը՝ ա՛յն...Նոյն ձեւով ալ կը փոխուին իր հակառակորդները՝ գաղափարական գետնի վրայ: Կ'ընէ ա՛յն, ինչ որ իր տուեալ պահու շահերը կը պահանջեն, եւ կը ծիծաղի ալ անոնց վրայ, որոնք սկզբունքի տէր են, արժանապատուութեան հարց կը բարձրացնեն: Տեսած եմ երդուեալ հակառակորդներ, որոնք յանկարծ կը բարեկամանան, նոյնիսկ կը սերտանան, երբ կան հասարակաց շահեր: ՇԱՀՆ Է, ՈՐ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՆՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԱՐՔԸ, ԻՍԿ ՇԱՀԸ ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ Կ'ԸԼԼԱՅ ՄԻՇՏ: